2015-10-20 10:39:00

Մեսրոպեան Վարժարան.` Երկրպագութիւն Սուրբ Հաղորդութեան։


Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութեան հոգեւոր կրթութեան ծրագրերու շրջանակին մէջ անցեալ Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ Երկրպագութիւն Սուրբ Հաղորդութեան՝ դպրոցական նոր տարեշրջանի բացման առիթով:

Աղօթքի եւ խորհրդածութեան այս հաւաքին մասնակցեցան 6-12-րդ դասարաններուն աշակերտները: Անիկա կազմակերպուած էր վարժարանի Հոգեւոր խմբակին կողմէ, վերահսկողութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ, խմբակի հոգեւոր վարիչ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի:

Հաւաքը բացուեցաւ Երիտասարդութեան Միջազգային Տարուան (2016) օրհներգով, որմէ ետք աշակերտներու կողմէ հնչեցին խմբային երգեր,  մատուցուեցան աղօթքներ եւ Սուրբ Հաղորդութեան մասին ընթերցումներ ու Սուրբերու վկայութիւններ՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն,: Ցուցադրուեցան երկու տեսերիզներ, որոնցմէ առաջինը նուիրուած է Corpus Domini` Յիսուսի Մարմնի ու Արեան Տօնի թափօրին, իսկ երկրորդը՝ Գթութեան եւ Նուիրումի գաղափարներուն: Ծանօթ է, որ 2016 թուականը Հռոմի քահանայապետին կողմէ հռչակուած է Գթութեան տարի, եւ հաւաքը առիթ եղաւ վեր բերելու գթութեան եւ ողորմութեան կարեւորութիւնը՝ քրիստոնեայ մարդու կեանքին մէջ:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ հաւաքի կեդրոնական նշանակութեան մասը՝ Սուրբ Հաղորդութեան  Երկրպագութիւնը, ուր փառաւորուեցաւ Յիսուս Քրիստոսը՝ որպէս մարդկութեան փրկիչ եւ անոր Սէրը՝ որպէս փրկութեան հիմնաքար: Սուրբ հաղորդութեան օրհնութենէն ետք խօսք առաւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ  ժողովրդապետ Հայր Պերճ Սապէ, որ աշակերտներուն յիշեցուց, որ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերին համաձայն, ինչ որ կը թելադրէ, որ մարդիկ պարտաւոր եւ կարող են հասնիլ աստուածային նկարագրի բարձրութեան՝ սիրոյ եւ հաւատքի ճամբով: Ան գօտեպնդեց աշակերտները այս յոյսին մէջ, դիտել տալով, որ մարդու ճամբան կը ձգտի աստուածային կատարելութեան, ինչ որ միակ իմաստն է երկրաւոր կեանքին՝ Աստուծմէ մեզի պարգեւուած:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.